Ախալցխայի մարզիկները Համահայկական խաղերէն պիտի վերադառնան 5 ոսկէ, 2 արծաթէ եւ 5 պրոնզէ մետալներով

Օգոստոս 7-ին Ախալցխայի մարզիկները աւարտեցին իրենց մրցումներու շարքը Համահայկական 6-րդ խաղերուն: Եօթ թեթեւ մարզաձեւերու մարզիկները Ախալցխա կը վերադառնան հինգ ոսկէ, երկու արծաթէ եւ հինգ պրոնզէ մետալներով ու մէկ գաւաթով:

Ենդրիկ Զիլպերշտէյն նուաճած է երկու ոսկի, մէկ արծաթ եւ մէկ պրոնզ: Լուտիկ Զիլպերշտէյն` մէկ ոսկի, մէկ արծաթ եւ մէկ պրոնզ: Ռուտիկ Մինասեան` մէկ ոսկի եւ մէկ պրոնզ: Անդրանիկ Մատինեան` մէկ ոսկի եւ երկու պրոնզ:

Մեր տեղեկութիւններուն համաձայն` Թիֆլիսի խումբը համահայկական խաղերուն եւս նուաճած է հինգ ոսկէ մետալ, կը գրէ akhaltskha.net-ը:

 

Scroll Up