Քրտական Հարցի Լուծման Գործընթացի Ձախողութիւնը Թուրքիոյ Համար Աղէտ Մը Կրնայ Դառնալ. Աճէմօղլու

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Տարօն Աճէմօղլու, որ աշխարհի ամէնէն նշանաւոր տնտեսագէտներէն մէկը կը նկատուի, Թուրքիոյ տնտեսական ու քաղաքական այժմու վիճակին մասին «Անատոլու» գործակալութեան հարցումներուն պատասխանեց եւ մասնաւոր կերպով ընդգծեց, թէ քրտական հարցի լուծման գործընթացի ձախողիլն ու կանգ առնելը Թուրքիոյ համար քաղաքական ու տնտեսական աղէտ մը կրնայ դառնալ։

Տարօն Աճէմօղլու կողմնակից է, որ քրտական հարցի լուծման գործընթացը շարունակուի ամէն գնով։ Ան պաշտպանեց նաեւ Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատան անկախութիւնը, Թուրքիոյ համար նոր վտանգ մը նկատեց «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութիւնը։

Ըստ Տարօն Աճէմօղլուի՝ Թուրքիա պէտք է վերանորոգէ ինքզինք՝ կարգ մը փոփոխութիւններ իրականացնելով։

Scroll Up