«Քամփ Արմէնը» կառուցուած է 8-12 տարեկան աւելի քան 1500 երեխայի ջանքերով
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/08/0129-300x225.jpg)
Թուրքիոյ մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ որոշ գործիչներու յայտարարութիւնները «Քամփ Արմէն» որբանոցը հայ համայնքին վերադարձնելու մասին ընդամէնը մարդոց մոլորեցնելու նպատակ կը հետապնդէին: Ատոր մասին ըստ News.am-ի` Օգոստոս 7-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ասուլիսին յայտարարած է «Նոր Զարթօնք» կազմակերպութեան համանախագահ Անոյշ Կազան Ասատրեան:
Ան պատմած է, որ «Քամփ Արմէն» որբանոցի տարածքը գնուած է Հայ բողոքական եկեղեցւոյ «Կետիկփաշա» հիմնադրամին կողմէ 1962 թ.ի Նոյեմբեր 15-ին: «Որբանոցի շէնքը կառուցուած է երեք ամսուան ընթացքին` 8-12 տարեկան երեխաներու ջանքերով: Ինչպէս կ’ըսէր Հրանդ Տինքը, որբ եւ աղքատ երեխաները նախ իրենց համար տուն կառուցեցին, իսկ յետոյ` ամբողջ քաղաքակրթութիւն մը: Որբանոցի քանդման աշխատանքները, որոնք սկսած էին Մայիս 6-ին, դադրեցուեցան Տուզլայի ժողովրդավար բնակիչներու, շարք մը քաղաքական կուսակցութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ջանքերով,- նշած է Անոյշ Կազան Ասատրեան: Ներկայիս,-շարունակած է ան,- աւելի քան 1500 երեխայի ջանքերով կառուցուած որբանոցը, որուն ամէն քարը, ամէն ծառը հայ մանուկներու հմուտ ձեռքերու արդիւնքն է, կանգնած է քանդող մեքենաներուն դէմ-յանդիման»: