Ջիւան Գասպարեանի մոսկովեան համերգի տոմսերուն համար մրցոյթ յայտարարուած է

Հեղինակաւոր տուտուկահար Ջիւան Գասպարեան համերգ պիտի ունենայ Մոսկուայի Ժողովրդական տնտեսութեան նուաճումներու ցուցահանդէսի (ВДНХ) Կանաչ թատրոնին մէջ, կը գրէ Artsakhpress-ը:

Комсомольская правда-ի փոխանցմամբ`համերգը պիտի կայանայ Օգոստոս 14-ին: Տոմսեր ձեռք բերելու համար կարելի է նաեւ մասնակցիլ մրցոյթի` պատասխանելով մէկ հարցի` «Երաժիշտներէն որո՞ւն  Ջիւան Գասպարեան կը համարէ լաւագոյն տուտուկահար»:

 Մոսկովեան համերգի ընթացքին երաժիշտը հանդիսատեսին կը ներկայացնէ Two Siberians նէոդասական գործիքային յայտնի երկանուագ:

 ԽՍՀՄ ժողովրդական արուեստագէտ, Երեւանի երաժշտանոցի փրոֆէսոր 86-ամեայ Ջիւան Գասպարեան դեռեւ դեռահաս տարիքի մէջ նուագած է Ստալինի համար, պարբերաբար ներկայացուցած Հայաստանը հեղինակաւոր մրցոյթներու մէջ: Անոր շնորհիւ ծիրանի ծառի փայտէ պատրաստուած տուտուկը ճանաչելի  դարձած է ամբողջ աշխարհի մէջ, կը գրէ աղբիւրը:

 

Scroll Up