ANCA-ն կը զգուշացնէ Նիւ Մեքսիքոյի օրէնսդիրներուն ՀՀ-ին Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ աճող սպառնալիքներուն մասին

ԱՄՆ Նիւ Մեքսիքոյի օրէնսդիրներու սերտ կապերը Ատրպէյճանի հետ կը շարունակեն վիաճահարոյց մնալ: Այս մասին կը գրէ ամերիկեան «Albuquerque Journal»-ը:

Արտ Մակհաֆին, որ 2010-ին Իլհամ Ալիեւի կողմէ Ատրպէյճանի պատուոյ հիւպատոս նշանակուեցաւ Նիւ Մեքսիքոյի մէջ, պաշտպանած է Ատրպէյճանին իրաւապաշտպաններուն եւ ԶԼՄ-ներուն առջեւ` պնդելով, թէ «Այդ երկիրը արժանի չէ դատապարտման»:

Մինչդեռ, ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը (ANCA) յայտարարած է Նիւ Մեքսիքոյի մէջ ` Սանթա Ֆէի տեղական օրէնսդիր իշխանութեան շէնքին մէջ ձեռնարկներ իրականացնելու մասին` ի պատասխան Ատրպէյճանի շահերուն առաջ մղման այդ նահանգին մէջ: Ձեռնարկի ծիրէն ներս տեղի կ’ունենան հանրային ճեպազրոյցներ եւ ուսուցողական հանդիպումներ նահանգի օրէնսդիրներուն հետ:

ANCA-ի համանախագահ Քէն Կլերիան կայքին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է, որ նման ձեռնարկները Նիւ Մեքսիքոյի մէջ անհրաժեշտ են հակազդելու համար ատրպէյճանամէտ լոպինկին տեղի օրէնսդիր մարմնին մէջ: «Մեր շնորհանդէսային օրերը Նիւ Մեքսիքոյի մէջ պիտի իրականացուին վճռորոշ ժամանակաշրջանի մէջ եւ նպատակ ունին իրազեկելու մեր առաջնորդներուն Հայաստանին Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ աճող սպառնալիքներուն մասին, նշելով, որ Հայաստան փոքր քրիստոնէական երկիր է անհանգիստ տարածաշրջանի մը մէջ»,-ըսած է Կլերիան, կը յայտնէ Panorama.am-ը:

Scroll Up