Հանդիպում «Սփիւռքի համայնքային գործի կազմակերպիչներ» դասընթացքի մասնակիցներուն հետ
Օգոստոս 1-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հանդիպեցաւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի «Սփիւռքի համայնքային գործի կազմակերպիչներ» դասընթացքի մասնակիցներուն:
Դասընթացքին, որուն նպատակն է աջակցիլ Սփիւռքի համայնքային կառոյցներու կայացման, հայապահպանական ծրագիրներու արդիւնաւէտութեան բարձրացման, համայնքներէն ներս ինքնակառավարման նոր գործընթացներու ներդրման, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներու տեղայնացման եւ համայնքային գործի կազմակերպիչներու պատրաստուածութեան մակարդակի բարձրացման, կը մասնակցէին ԱՄՆ-ի, Գանատայի, Պուլկարիոյ, Վրաստանի, Ուքրանիոյ, Պելառուսիոյ, Էսթոնիոյ, Ռուսաստանի Դաշնութեան տարբեր մարզերու հայ համայնքի ղեկավարներ եւ գործուն անդամներ:
Ողջունելով դասընթացի մասնակիցները` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց համայնքային գործի ճիշդ եւ նպատակային կազմակերպումը` որպէս ազգային ինքնութեան պահպանման եւ զարգացման առանցքային գործօն եւ կոչ ըրաւ աշխատանքները կազմակերպել նախարարութեան որդեգրած «Ճանչնալ, վստահիլ եւ գործակցիլ» սկզբունքով, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ ընդլայնել հայրենակիցներուն հետ տարուող աշխատանքներու շրջանակները: «Մեր աշխատանքների նպատակակէտը, առանցքը հայապահպանութիւնն է», – նշեց նախարարը` աւելցնելով, որ այս հարցին մէջ առաջին սկզբունքը հայերէն խօսիլն է եւ ազգային մշակոյթին ու աւանդոյթներուն կապուած ըլլալը: Նախարարը կարեւոր համարեց համայնքային գործի կազմակերպիչներու անձնական օրինակը, ինչ որ մեծապէս կը նպաստէ անոնց հանդէպ հաւատքի եւ վստահութեան ամրապնդման, հետեւաբար եւ գործի յաջողութեան:
Այնուհետեւ դասընթացքի մասնակիցները ներկայացուցին իրենց համայնքային կառոյցներու, մշակութային եւ կրթական կազմակերպութիւններու, ակնառու ձեռնարկներու մասին մանրամասն տեղեկութիւններ` խօսելով նաեւ առկայ խնդիրներու եւ դժուարութիւններու մասին:
Մասնակիցները նաեւ իրենց տպաւորութիւնները յայտնեցին դասընթացքի վերաբերեալ` ընելով նաեւ շարք մը գործնական առաջարկներ, որոնք հիմնականին մէջ կը վերաբերէին կառավարչական հմտութիւններու կատարելագործման նպաստող դասախօսութիւններու ընդլայնման:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մանրակրկիտ անդրադառնալով մասնակիցներէն իւրաքանչիւրի հաղորդումներուն եւ ցանկութիւններուն` հաւաստիացուց, որ ատոնք յառաջիկային լուծումներ կը ստանան:
Համայնքային աշխատանքները աւելի նպատակային կազմակերպելու համար նախարարը ըրաւ նաեւ շարք մը գործնական առաջարկներ` մասնաւորապէս յորդորելով, որ պահպանեն եւ զարգացնեն իրենց ծանօթութիւնը, անընդմէջ կապի մէջ ըլլան եւ լաւագոյն փորձը հաղորդեն իրարու: Ան նաեւ խօսեցաւ ներկայիս հայութեան խորապէս մտահոգող սուրիահայութեան վտանգուած ճակատագիրին մասին եւ առաջարկեց համայնքներէն ներս քննարկել սուրիահայութեան որեւէ կերպ աջակցելու հնարաւորութիւնները:
Խոր երախտագիտութիւն յայտնելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան այս կարեւոր եւ օգտաշատ ծրագիրի իրականացման համար` համայնքային գործի կազմակերպիչները հաւաստիացուցին, որ Հայաստանի մէջ ձեռք բերուած գիտելիքներն ու փորձը յառաջիկային ակնյայտ պիտի դրսեւորուին աշխատանքի մէջ: