Շուշիի Մէջ Երեխաներու Խնամքի եւ Պաշտպանութեան Գիշերօթիկ Հաստատութեան Շէնք Կը Կառուցուի
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/07/Շուշի1.jpg)
Շուշի քաղաքի մէջ կը կառուցուի երեխաներու խնամքի եւ պաշտպանութեան գիշերօթիկ հաստատութեան շէնք:
ԼՂՀ քաղաքաշինութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան փոխանցումով` շինութիւնը եռայարկ է` 3 մասնաշէնքերով. անիկա ունի նաեւ նկուղային յարկ:
Ըստ նախագիծի, առաջին մասնաշէնքը կը նախատեսուի հաստատութեան երեխաներու ուսումնամեթոտական փորձերու համար, երկրորդը` ժամանցայինի, իսկ երրորդը` պիտի ծառայէ իբրեւ կացարան: Բակը պիտի ունենայ խաղահրապարակ: Այժմ կ՝ընթանայ հաստատութեան տանիքի կառուցման, ներքին յարդարման, յենապատերու ծեփապատման ու երեսպատման աշխատանքները:
Երեխաներու խնամքի եւ պահպանութեան գիշերօթիկ հաստատութեան շինարարութիւնը սկսած է 2011 թուականին. Անիկա կ՝իրականացուի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի եւ ԼՂՀ պետական պիւտճէի միջոցներու հաշուին, կապալառուն` «Նուէր» ՍՊԸ-ն է: