«Սփիւռքի մէջ Հայերէնը մոռացուած չէ »

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրը լայն սփռած է իր թեւերը՝ ներառելով բազմաթիւ երկիրներու հայկական համայնքներու երիտասարդներ:

Այս անգամ զրուցակիցներս Յորդանանէն ժամանած 17-ամեայ Հրակ Մարգարեանն ու 13-ամեայ Կարինէ Դեմիրճեանն են:

Կարինէն առաջին անգամն  է Հայաստան կու գայ, չափազանց գոհ է այցէն եւ կը  ցանկայ նորէն գալ: Ի տարբերութիւն Կարինէի՝ Հրակը երկրորդ անգամ է Հայաստան: Ան կը նշէ, որ ծրագիրը շատ բան տուած է իրեն. «Ծրագրի շնորհիւ շատ ընկերներ ձեռք բերի, հայերէնի իմացութիւնս լաւացուցի, եւ որ ամենակարեւորն է՝ հայրենիքիս հանդէպ սէրը աւելի զօրացաւ: Շատ մարդոց հետ ծանօթացայ եւ իմացայ, որ հայերը Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին շատ աւելի զօրաւոր են: «Արի տուն» ծրագրին մասնակցող երեխաներէն շատերը հայերէն կը խօսին: Սա շատ լաւ նշան է. ուրեմն հայերէնը մոռացուած չէ Սփիւռքի մէջ»:

Կարինէն ու Հրակը կը պատմեն, որ իրենց համայնքի մէջ ունին երկու եկեղեցի, Եուզպաշեան-Կիւլպէնկեան վարժարան, երկու ակումբ, ուր  ամէն Ուրբաթ կը հաւաքուին, կը զրուցեն, ծրագիրներ կ’իրականացնեն: Անոնք կը մասնակցին նաեւ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ պատարագներուն:

«Արի տուն» ծրագրին Հրակը ամէնէն շատ տպաւորուած է մայրենիի դասերով: Կը նշ է, որ մի քանի օրերու ընթացքին, ուսուցչուհիի շնորհիւ, բարելաւուած է մայրենիի իմացութիւնը: Կարինէն շատ սիրած է շրջագայութիւնները եւ հիւրընկալ ընտանիքը, կը պատմէ, որ զինք չափազանց ջերմ ընդունած են: Կարինէն կ’երազէ Հայաստան գալ, դեղագործութիւն ուսանելու:

Թէեւ դեռ Հայաստան պիտի մնան, բայց թէ՛ Հրակի, թէ՛ Կարինէի սպասումները արդէն արդարացած են, ու ինչպէս Հրակը կը նշէ. «Արի տունը» չափազանց լաւ ծրագիր է, իսկ Սփիւռքի նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեանը այս առումով շատ մեծ քայլ կատարած է՝ «Perfect move»:

Հռիփսիմէ Գալստեան

ԵՊՀ ժուռնալիստիկայի ֆակուլտետի 4-րդ կուրսի ուսանողուհի

արի տուն արի տուն1

 

Scroll Up