Շաքէ Մանկասարեան. «Եթէ կայ հայը՝ կայ նաեւ հայ մնալու պայքարը»

Այս օրերուն Երեւան ժամանած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հայկական ձայնասփիւռի հիմնադիր Շաքէ Մանկասարեանը:
«Ռատիօ Այգը» կը գործէ 2011 թուականէն: Չհետապնդելով նիւթական որեւէ շահ՝ հայկական առցանց ռադիոն հաւատարիմ կը մնայ իր որդեգրած քաղաքականութեան ու առաքելութեան՝ Հայաստան-Սփիւռք կապի ստեղծման ու պահպանման: Շաքէ Մանկասարեան այսօր ալ հիւրընկալուած է «Ռատիօ լուր»:
Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններու ամենամեծ քաղաքի մէջ, ուր բնակչութեան միայն 5 տոկոսն է քրիստոնեայ, կը գործէ հայկական համացանցային ձայնասփիւռ: Տուպայի մէջ հայկական ձայնասփիւռ հիմնելու գաղափարը ծնունդով Հալէպէն Շաքէ Մանկասարեանինն էր:
Արաբական Էմիրութիւններու մէջ Հայաստանն ու հայկական մշակոյթը ճանաչելի դարձնելու ճանապարհին Շաքէ Մանգասարեանը բաւական լուրջ խոչընդոտներ յաղթահարած է եւ այսօր արդէն հպարտ կրնայ ըսել է, որ հայկական առցանց ռադիոն հասած է իր գլխաւոր առաքելութեան՝ հայապահպանութեան:
«Ռադիօ Այգը» հեռարձակման 4 տարիներու ընթացքին մեծապէս նպաստած է նաեւ Հայաստան-Սփիւռք կապի ստեղծմանն ու պահպանման: Հայկական այս ռադիոյի եթերները կ’ընդգրկեն լրատուական, քաղաքական, հոգեւոր, մշակութային հաղորդումներ, հարցազրոյցներ, իսկ երաժշտական կատարումներէն առաւելագոյն տեղը կը յատկացուի ազգային երգարուեստին՝ ժողովրդական, աշուղական, գուսանական, հայկական եւ համաշխարհային դասական երաժշտութեան:
«Ռադիօ Այգի» գլխաւոր առանձնայատկութիւնը, սակայն, այն է, որ կարեւորագոյն առաքելութիւնը կ’իրականացնէ առանց նիւթական շահի եւ ակնկալիքի,-«Ռադիօ լուրի» հետ զրոյցին խոստովանեցաւ «Ռադիօ Այգի» հիմնադիր Շաքէ Մանկասարեան:
Յատկանշական է, որ ոչ միայն «Ռադիօ Այգն» է հաւատարիմ իր ունկնդիրներուն, այլեւ ունկնդիրներն են հաւատարիմ իրենց սիրելի ռադիօկայանին։ Քանի որ հեռարձակումը կ’իրականացուի բացառապէս հայերէն, այդ մէկը կը նպաստէ նաեւ Սփիւռքի մէջ մայրենիի պահպանման:
Ի դէպ, Շաքէ Մանկասարեանն ու «Ռադիօ Այգի» աշխատակազմը երէկ ընդունած է Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը: Բարձր գնահատելով հայկական ռատիոյի գործունէութիւնը հայապահպանութեան եւ ազգային արժէքներու տարածման գործի մէջ՝ Սփիւռքի նախարարը «Ռադիօ Այգին» յանձնած է հայապահպանութեան գործի մէջ նշանակալի աւանդի համար մրցանակաբաշխութեան «Հայոց ցեղասպանութիւն. 100-րդ տարելիցին ընդառաջ լաւագոյն հրապարակում» անուանակարգի անոնց ստացած մրցանակը: