Կարէն Միրզոյեանը ընդունած է Ամերիկայի հայկական համագումարի պատվիրակութիւնը

Յուլիս 23-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Կարէն Միրզոյեան ընդունած է Ամերիկայի հայկական համագումարի (ԱՀՀ) պատուիրակութիւնը՝ կազմակերպութեան տարածաշրջանային տնօրէն Արփի Վարդանեանի գլխաւորութեամբ:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Արտաքին գործերու նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ՝  հանդիպման ընթացքին ԱԳՆ ղեկավարը ներկայացուցած է ԼՂՀ արտաքին քաղաքականութեան շարք մը օրակարգային հարցեր։

Կողմերը նաեւ քննարկած  են Արցախի կառոյցներու ու ԱՀՀ միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման ու յետագայ զարգացման ուղիները։

Scroll Up