Արժանթինական փառատօնին ներկայացուած է հայկական խոհանոցը

Արժանթինի հայկական համայնքը մասնակցած է Պուենոս Այրէսի մէջ մեկնարկած ամենամեայ տօնավաճառ­-փառատօնին, որ նուիրուած է Արժանթինի մէջ ապրող ազգային փոքրամասնութիւններու մշակոյթին եւ խոհանոցին:

Հայկական տաղավարի մէջ կը ցուցադրուին նաեւ Հայաստանի մասին գիրքեր, քանդակներ, գորգեր եւ ասեղնագործ սփռոցներ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-­ը` վկայակոչելով prensacentroarmenio-­ն, մինչեւ Օգոստոս 2-­ը մայրաքաղաքի Սան Մարտին Տէ Մար դել Պլատա հրապարակի մէջ ընթացող տօնավաճառ­-փառատօնին արժանթինահայերը հայկական պարերու եւ երաժշտութեան ուղեկցութեամբ կը ներկայացնեն ազգային ուտեստներ, խմիչքներ, աղանդեր:

Scroll Up