Նախագահ Սահակեան սփիւռքահայ ուսանողներ ընդունած է
Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Յուլիս 23-ին ընդունած է Ամերիկայի հայկական համագումարի ամառնային ուսանողական ծրագրի ծիրէն ներս հայրենիքի մէջ ապրող եւ աշխատող սփիւռքահայ ուսանողները:
ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցմամբ` երկրի ղեկավարը ողջունած է սփիւռքահայ երիտասարդներու աշխատանքը տարբեր պետական մարմիններու մէջ, ան այդ ծրագիրը կարեւորած է Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման տեսանկիւնէն:
Արծարծուած են նաեւ Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, Արցախ-Սփիւռք կապերուն առնչուող հարցեր:
Հանդիպման կը մասնակցէին Ամերիկայի հայկական համագումարի տարածաշրջանային գրասենեակի տնօրէն Արփի Վարդանեանը, պաշտօնատար այլ անձինք: