Ազատամարտիկ. «Թող մեր ժողովուրդը հանգիստ ըլլայ»

«Մեր երեխաներով հիացած եմ: Երիտասարդներ են ու կրնան առնել հակառակորդի ուժերուն դէմը, որոնք կրթութիւն ստացած են տարբեր տեղերու մէջ»,- ըստ Panorama.am-ի` լրագրողներուն հանդիպման ժամանակ ըսաւ ՀՀ առաջին հետախոյզ-ներթափանցման ջոկատի հիմնադիր հրամանատար Վովա Վարդանովը:
Ան նշեց, որ այսօր երիտասարդը կ’ուզէ ծառայել բանակին մէջ:
Ղարաբաղի պատերազմի վեթերաններու միութեան նախագահ Եուրա Միքայէլեան կը վստահի հայկական զինուած ուժերուն, «Զինուորները լաւ կը տիրապետեն զէնքին»:
«Որեւէ մեծ ոտնձգութեան պարագային մենք ազգովի պատրաստ ենք ոտքի ելլելու»,- նշեց ան` ընդգծելով, որ սահմանները լաւ կը պաշտպանուին:
Ե. Միքայէլեանի խօսքով, դիրքային պատերազմը կը շարունակուի, ատրպէյճանցին միշտ ալ կը կրակէ, հայկական կողմը կը պատասխանէ:
«Թող մեր ժողովուրդը հանգիստ ըլլայ»,- ըսաւ ան: