Այվազովսկիի «9-րդ ալիք»-ը ընդգրկուած է աշխարհի 10 լաւագոյն կտաւներու ցանկին վրայ

Յովհաննէս Այվազովսկիի «9-րդ ալիք» (1850թ.) ստեղծագործութիւնը ընդգրկուած է աշխարհի 10 լաւագոյն կտաւներու ցանկին վրայ, որոնք կը պատկերեն ծովի ալիքներու անհաւանական գեղեցկութիւնը:

Արմէնփրէսի փոխանցմամբ` ցանկը կազմած է միջազգային հեղինակաւոր  The Creative Business պլոկը, որ նուիրուած է արուեստին` հիմնականին մէջ լուսանկարչութեան ու գեղանկարչութեան: Ցանկը կազմած է գերմանացի յայտնի արուեստաբան, նկարչուհի Անտրեայ Պեքլենտը, որուն բազմաթիւ աշխատանքներ ընդգրկուած են  Գերմանիոյ պետական, Հաագայի, Փարիզի, Լոնտոնի եւ Ուաշինկթոնի մասնաւոր հաւաքածուներու մէջ: Տասնեակին մէջ ընդգրկուած են Աբրահամ Ուիլարեթսի «Փոթորկոտ ծովը» (1629թ), Հոկուսայի «Կանագաւայի հսկայ ալիքը» (1829-1832թթ), Ուիլիամ Թըրների «Սառէ փոթորիկ» (1842թ.), Քլոտ Մոնէի «Էտրետատի փոթորկոտ ծովը» (1883թ.) եւ այլ աշխատանքներ:

The Creative Business պլոկը ստեղծած են Եւրոպայի եւ ԱՄՆ-ի մէջ գործունէութիւն ծաւալող խումբ մը լուսանկարիչներ, նկարիչներ եւ արուեստաբաններ: Պլոկի նպատակն է սոցիալական մետիայի միջոցով աշխարհին ներկայացնել ընթացիկ ցուցահանդէսներու, աշխարհի ամենայայտնի թանգարաններուն եւ պատկերասրահներուն մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին: Միաժամանակ, պլոկի համահիմնադիրները արուեստը կը ներկայացնեն գործարարութեան տեսանկիւնէն եւ տարատեսակ թեմատիկ տասնեակներու, վերլուծական յօդուածներու միջոցով կը փորձեն ապացուցել, որ արուեստի գործեր գնելը լաւագոյն ներդրումն է:

 

Scroll Up