Միջ-եկեղեցական Աղօթք Անթիլիասի մէջ Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներուն

Կիրակի, 19 Յուլիս 2015-ի առաւօտուն, Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Այս մասին կը յայտնէ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մամուլի ծառայութիւնը:
Պատարագին ներկայ էին, Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն հրաւիրուած եկեղեցիներու հոգեւոր պետեր եւ եկեղեցական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, պետական անձնաւորութիւններ, Լիբանան ժամանած ուխտաւորներ եւ հոծ թիւով հաւատաւոր ժողովուրդ:
Օրուան պատգամը փոխանցեցին Ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ն.Ս. Թաուատրոս Բ. Պատրիարքը եւ վերոյիշեալ արարողութիւններուն ու ձեռնարկներուն Ն.Ս. Ֆրանսիս Պապի ներկայացուցիչ Կարտինալ Քըրթ Քոխը ընթերցեց այս առիթով Պապին յղած յատուկ պատգամը: Յանուն բոլոր եկեղեցական հիւրերուն անոնք ողջունեցին ու շնորհաւորեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, շնորհակալութիւն յայտնելով իրենց տրուած հրաւէրին եւ այս մասնաւոր պատիւին: Անոնք իրենց հոգեւոր ցնծութիւնը արտայայտեցին Հայ Եկեղեցւոյ հռչակած Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն սրբադասման համար:
Պատարագի աւարտին, նոր օրհնուած Սրբալոյս Միւռոնով կատարուեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւն: Եւ ապա, ներկայ բոլոր հոգեւոր պետերու եւ եկեղեցական ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական աղօթք, նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակ սուրբերուն:
Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, բոլոր եկեղեցականները թափօրով ուղղուեցան Անթիլիասի Սրբոց Նահատակաց մատուռը, ուր ծաղիկներ զետեղեցին նահատակ սուրբերուն մասունքներուն առջեւ:
Ներկայ ժողովուրդը խնդրելով նահատակ սուրբերուն բարեխօսութիւնը անգամ մը եւս վերանորոգեց Աստուծոյ եւ Հայ Եկեղեցւոյ իր հաւատարմութեան ուխտը: Ժողովուրը նաեւ բաժին ունեցաւ օրհնուած ջուրէն, որ իրենց տուները տանելով՝ ընտանիքի բոլոր անդամները հաղորդակից դարձուցին Սուրբ Միւռոնի օրհնութեան:
Scroll Up