Զբօսաշրջութեան նպատակով Հայաստան այցելող իտալացիներու թիւը երթալով կ’աւելնայ
Հայաստան զբօսաշրջութեան առումով սկսած է աւելի հետաքրքիր երկիր դառնալ իտալացիներու համար:
Երեւանի մէջ Doubletree by Hilton միջազգային հիւրանոցի բացման պաշտօնական արարողութեան ընթացքին լրագրողներուն հետ զրոյցին այս մասին ըսաւ Հայաստանի մէջ Իտալիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճովաննի Ռիչուլլին: Դեսպանը նշած է,-«Զբօսաշրջութեան նպատակով Հայաստան այցելող իտալացիներու թիւի մեծ աճ կը նկատուի վերջին շրջանին: Երթալով աւելի շատ իտալացիներ կը ժամանեն Հայաստան»:
Այս առումով ան կարեւոր համարեց Երեւանի մէջ հերթական միջազգային յայտնի հիւրանոցի բացումը, որ կը նպաստէ երկրին մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման: «Շատ կարեւոր կը համարեմ այս հիւրանոցի դերը զբօսաշրջութեան զարգացման գործին մէջ»,- եզրափակեց դեսպանը:
Երեւանի մէջ Յուլիս 18-ին տեղի ունեցաւ Doubletree by Hilton միջազգային հիւրանոցի բացման պաշտօնական արարողութիւնը: Հիւրանոցի բացման մասնակցեցան ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, ՀՀ տնտեսութեան նախարար Կարէն Ճշմարիտեան, բազմաթիւ հիւրեր Հայաստանէն եւ արտերկրէն: