Հայաստանցի հեծանուորդը` առաջին անգամ Եւրոպայի ախոյեան

Հայկական մարզանքի պատմութեան մէջ նոր էջ գրուած է. Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ կայացած հրապարակային հեծանուավազքի Եւրոպայի երիտասարդական առաջնութեան «Սկրատչ» մրցաձեւին (40  քմ խմբակային մրցավազք) հայաստանցի 18-ամեայ Էտկար Ստեփանեան նուաճած է Եւրոպայի ախոյեանի կոչումը: Առաջին անգամ հայ հեծանուորդը ոսկէ մետալ նուաճած է Եւրոպայի մէջ ու ի պատիւ Էտկար Ստեփանեանի` Աթէնքի հեծանուահրապարակին վրայ հնչած է Հայաստանի հիմնը ու ծածանած Եռագոյնը: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը յայտնեն Հայաստանի հեծանուային մարզաձեւի ֆետերասիոնէն:

Մրցաշարին գերազանց  հանդէս եկած են նաեւ մեր միւս ներկայացուցիչները` Մհեր Մկրչեանն ու Պաւել Ստեփանեանը: Նախորդող շրջանին Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արմէն Կէօզալեանի գլխաւորութեամբ` խումբը փայլուն աշխատանք  կատարած է Ծաղկաձորի մէջ կազմակերպուած ուսումնամարզական հաւաքի ընթացքին ու փաստօրէն կարճ ժամանակուան մէջ գոհացուցիչ արդիւնքի հասած: Հաւաքականի յաղթանակին մէջ մեծ ներդրում ունի նաեւ խումբի մեքենագէտ Արսէն Բորեան իր գրագէտ աշխատանքով:

Փայլուն յաղթանակի առիթով մեր մարզիկներուն շնորհաւորած է Հայաստանի հեծանուային մարզաձեւի ֆետերասիոնի նախագահ, ՀՀ ԿԱՅ պետական գոյքի կառավարման վարչութեան պետ Արման Սահակեան, մաղթած նորանոր յաղթանակներ եւ հաւաստիացուցած, որ չեն բաւարարուիր միայն այս ձեռքբերումով, եւ կը բազմապատկեն ջանքերը` յաջորդ մրցաշարերուն եւս պատշաճ մասնակցելու համար:

չեմպիոն չեմպիոն1 չեմպիոն2 չեմպիոն3

Scroll Up