Սթամպուլի հայկական եկեղեցւոյ մէջ Ռամատանի տօնական ճաշը զայրացուցած է հայ համայնքը
Սթամպուլի Սարըյէրի շրջանի Սուրբ Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ բակին մէջ օրեր առաջ Ռամատանի տօնական ճաշ կազմակերպելը բարկացուցած է սթամպուլահայ համայնքը:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ News.am-ը` յղում կատարելով Սթամպուլի հայկական «Ակօս» թերթին, Յուլիս 9-ին, Սթամպուլի Սուրբ Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ խորհուրդի եւ Սարըյէրի քաղաքապետարանի կողմէ եկեղեցւոյ բակին մէջ Ռամատանի տօնական ճաշ (սահուր) տրուած է:
Աւելի ուշ պարզուած է, որ Սուրբ Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ խորհուրդը իսլամներու համար նախատեսուած Ռամատանի ճաշ կազմակերպելու համար թոյլտւութիւն չէ ստացած Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանէն:
Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ, արք. Արամ Աթէշեան նշած է նաեւ, որ հայ համայնքի որոշ ներկայացուցիչներ պնդած են, թէ եկեղեցւոյ մէջ նաեւ (նամազ) աղօթք ըրած են: Ան շեշտած է, որ եթէ նման բան հաստատուի, իրենք այդ եկեղեցւոյ մէջ ծառայութեան ուղարկուած հոգեւորականին ետ կանչելէ բացի այլ պատժամիջոց չեն կրնար կիրառել: