Սպանիոյ մէջ քասթինկ կ’իրականացնեն Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Խոստումը» ֆիլմի երկրորդական դերերուն համար

Սպանիոյ Ֆիգերաս քաղաքին մէջ Babieka Films ֆիլմի ընկերութիւնը քասթինկ յայտարարած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող «Խոստումը» ֆիլմի նկարահանումներուն դերասաններու ընտրութեան համար, կը գրէ Artsakhpress-ը:

excite.es  պարբերականի փոխանցմամբ` ֆիլմին մէջ, որուն նկարահանումները նախաձեռնած եւ հովանաւորած է Գըրգ Գրգորեան, գլխաւոր դերերը կը մարմնաւորեն Քրիստիան Պէյլը եւ Օսկար Այզեքը, ֆիլմի սենարի հեղինակն է Թերրի Ճորճը: Քասթինկը տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 17-21:

Այդ օրերուն կ’ընտրուի 1000 մարդ երկրորդական  դերերը կատարելու համար: Յուլիս 17-ին քասթինկ կ’իրականացուի 7-13 տարեկան երեխաներու: Կը նշուի, որ նախընտրութիւնը պիտի տրուի սեւահեր եւ թուխ մաշկ ունեցողներուն:

Յուլիս 18-ին տեղի կ’ունենայ մարզիկի կազմուածք ունեցող տղամարդոց քասթինկը: Իսկ 20-ին եւ 21-ին կ’ընտրեն 20-60 տարեկան կանանց եւ տղամարդոց` մուգ գոյնի մաշկով եւ աչքերով, ինչպէս նաեւ շիկահեր տղամարդոց:

«Խոստում» ֆիլմի նկարահանումները տեղի կ’ունենան նաեւ Մատրիտի շրջակայքը, Սէգովիոյ եւ Աւիլայի մէջ: Ֆիգերասի մէջ նկարահանումները կ’իրականացուին Ս. Ֆեռան ամրոցին մէջ, որ 18-րդ դարու  ռազմական բերդ է` կառուցուած բլուրի վրայ:

Scroll Up