Կարէն Խանլարեան ներկայացուցած է Թուրքիոյ մէջ ծպտեալ հայերու խնդիրը

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ծրագիրներու ծիրէն ներս  ԻԻՀ խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ Հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Կարէն Խանլարեան դասախօսութիւն մը ունեցած է «Թաքուն հայեր եւ ինչ է մեր պարտականութիւնը 100-րդ տարելիցէն յետոյ» խորագիրով:

«Ալիք»-ի փոխանցմամբ`  Խանլարեան ներկայացուցած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ մէկ դար առաջ տեղի ունեցածը: Իր ելոյթին մէջ Խանլարեան անդրադարձած է համշէնահայութեան եւ այլ ծպտեալ հայերու խնդիրներուն, որոնք հիմնականին մէջ կը բնակին Արեւմտեան Հայաստանի մէջ:

Scroll Up