Սուրիական պատերազմի աղէտը` փոքրիկ բրիտանուհիի 1 վայրկեաննոց հոլովակին մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/07/0164.jpg)
Բրիտանական «Don’t Panic» ընկերութեան ստեղծագործական խումբը հոլովակ մը պատրաստած է «Save the Children» կազմակերպութեան պատուէրով, որուն նպատակն է հրաւիրել աշխարհի ուշադրութիւնը Սուրիոյ մէջ շարունակուող բռնութիւններուն ու ատոր հետեւանքով երեխաներու ճակատագիրներու խեղման վրայ:
Տեսաֆիլմը կ’աւարտէ խօսուն նախադասութեամբ, որ մտածելու տեղի կու տայ. «Եթէ ատիկա այստեղ չի կատարուիր, չի նշանակեր, որ չի կատարուիր ընդհանրապէս»…