Հայ գործարարը դատի տուած է Մարք Զուքերպերկին` խոստումը չկատարելու համար

Անշարժ գոյքի առեւտուրով զբաղող հայ գործարար Միրչէ Ոսկերիչեան հայց ներկայացուցած է Facebook-ի սեփականատէր Մարք Զուքերպերկի դէմ` խոստումը չկատարելու համար: Հարցը այն է, որ Ոսկերիչեան 2,8 մլն տոլարի չափով զեղչով տուն վաճառած է Ցուկերպերկին, որուն դիմաց վերջինս պէտք է գործարարին ներկայացնէր Սիլիքոնէ հովիտի կարեւորագոյն մասը, որպէսզի Ոսկերիչեան հնարաւորութիւն ստանայ նոր գնորդներ գտնել, կը հաղորդէ Bloomberg-ը:
Ոսկերիչեանի փաստաբանները կը պնդեն, որ Զուքերպերկի պատճառով չէ կայացած գործարքը մէկ այլ թաքուն գնորդի` աֆրիկացի արքայազնի հետ, որ պատրաստ եղած է այդ տան համար վճարել 4,3 մլն տոլար, ըստ News.am-ի` կը հաղորդէ Gazeta-ն:
Իր հերթին Զուքերպերկի փաստաբանները մասնաւոր խուզարկոյի օգնութեամբ փորձած են պարզել Ոսկերիչեանի ներկայացուցած տարբերակի իսկութիւնը եւ հիմքեր գտած են կասկածելու թաքուն գնորդ արքայազնի գոյութեան: