Սան Փաոլոյի համալսարանի փրոֆէսոր Յակոբ Քեշիշեան պարգեւատրուեցաւ «Մայրենիի դեսպան» մետալով

Յուլիս 10-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան 12-րդ համաժողովին մասնակցելու նպատակով Երեւան գտնուող Սան Փաուլոյի (Պրազիլ) համալսարանի պատմութեան դասախօս, փրոֆէսոր Յակոբ Քեշիշեանը` տիկնոջ եւ դուստրին հետ:

 Յակոբ Քեշիշեան արմատներով Մարաշցի է: Անոր ընտանիքը անցած է գաղթի տառապալից ճամփաներով եւ վերջապէս հաստատուած Պրազիլիոյ մէջ: Ըլլալով արմատներով հայ ընտանիքի զաւակ` Յ. Քեշիշեան ներկայիս դժուարութեամբ կը համակերպի այն իրողութեան, որ Հարաւային Ամերիկայի մէջ ուծացման վտանգը երթալով կ’ուժգնանայ: Այդ պատճառով կը ձգտի ընել հնարաւոր ամէն ինչ` նպաստելու պրազիլահայութեան ազգային ինքնութեան պահպանման:

 Ներկայացնելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող տարածաշրջանային յանձնախումբի կողմէն իրականացուած ձեռնարկները` պարոն Քեշիշեան պատմեց նաեւ այդ ձեռնարկներուն ունեցած իր ներդրման մասին. դասախօսութիւններ, հայոց պատմութեան նուիրուած ուսումնասիրութիւններու հրատարակում, թարգմանական աշխատանքներ, մասնակցութիւն մշակութային բազմաբնոյթ ձեռնարկներու եւ այլն:

 Շնորհակալութիւն յայտնելով հիւրին իր հայանպաստ գործունէութեան համար` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նոյնպէս իր մտահոգութիւնը յայտնեց Հարաւային Ամերիկայի մէջ հայկականութեան, մասնաւորապէս հայոց լեզուի նահանջի վերաբերեալ եւ հաւաստիացուց, որ հայապահպանութեան միտուած որեւէ նախաձեռնութիւն աջակցութիւն պիտի ստանայ նախարարութեան կողմէ:

 Զրոյցի աւարտին, նախարարը, առ ի գնահատութիւն փրոֆէսոր Քեշիշեանի հայանպաստ գործունէութեան` անոր պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» մետալով:

Scroll Up