Երեւանի մէջ տեղի կ’ունենայ Հրանդ Տինքին նուիրուած երաժշտական թատերգութեան առաջին ելոյթը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/07/ma.jpg)
Սեպտեմբեր 24-ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հրանդ Տինքին նուիրուած օրատորիայի (դրամատիկական թեմայով գրուած երաժշտական ծաւալուն ստեղծագործութիւն` երգչախումբի, մենակատարներու եւ նուագախումբի համատեղ կատարման համար) առաջին ելոյթը:
Օրատորիայի երաժշտութեան հեղինակն է Թուրքիա բնակող հայ երաժշտահան Ճենք Թաշքան (Մաժակ Թոշիկեան), իսկ խօսքերու հեղինակը Պերճուհի Պերպերեան:
ermenihaber.am-ը կը գրէ, որ ըստ թրքական «tr.sputniknews.com» լրատուական կայքի` առաջին ելոյթը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 24-ին Երեւանի մէջ նախատեսուած Մաժակ Թոշիկեանի համերգի ծիրէն ներս: Կը նշուի նաեւ, որ Թոշիկեանին հրաւիրած է հայկական կողմը:
Երաժշտահանի հայերէն ստեղծագործութիւնները կը կատարեն Պարթեւ Գարեան, Սիպիլ Պեկթորոսօղլուն եւ Լիտա Քեօշէօղլուն:
Համերգի 2-րդ մասին մէջ նախատեսուած օրատորիայի ելոյթին ընթացքին բեմին վրայ Թոշիկեանի հետ հանդէս կու գայ Լուսաւորիչ խումբի խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի ղեկավարութեամբ, ինչպէս նաեւ մենակատարներ Գէորգ Դաւիթեան, Այլին Աթեշն ու Պօղոս Եղիազարը:
Աղբիւրի հաղորդմամբ` պոլսահայ երգահանը ըսած է, որ իրեն համար մեծ պատիւ է առաջին անգամ Երեւանի մէջ իբրեւ երաժշտահան հանդէս գալ: Թոշիկեան նշած է նաեւ, որ Հրանդ Տինքին նուիրուած օրատորիան 2016 թուականի Յունուարին կը նախատեսեն բեմադրել Լոս Անճելըսի մէջ: