Յովիկ Աբրահամեան աշխատանքային այցով կը մեկնի Մոսկուա
ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը Յուլիս 9-ին աշխատանքային այցով կը մեկնի Ռուսաստանի Դաշնութիւն:
Մոսկուայի մէջ կը նախատեսուի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի առանձնազրոյցը Ռուսաստանի կառավարութեան ղեկավար Տմիդրի Մետուետեւի հետ, որուն ընթացքին կը քննարկուին երկկողմ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններուն եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրէն ներս համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: ՀՀ եւ ՌԴ վարչապետներու առանձնազրոյցէն յետոյ տեղի կ’ունենայ հանդիպում ընդլայնուած կազմով: