Գըրգ Գըրգորեան եզակի եւ առանձնայատուկ մարդ էր. Պարպարա Սթրէյզանտ

Ամերիկացի յայտնի երգչուհի եւ դերասանուհի Պարպարա Սթրէյզանտ ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ գրած է հայ միլիարտէր եւ բարերար Գըրգ Գըրգորեանի մասին ջերմ յիշողութիւնները: Այս մասին կը յայտնէ sputnikarmenia.ru-ն:

«Երկար տարիներ Գըրգ Գըրգորեան արտակարգ առատաձեռն մարդ եղած է: Ան հազուադէպ  ուշադրութիւն կամ իր բարեգործութեան ճանաչում կը փնտրէր»,-  կը գրէ ան:

Սթրէյզանտ յիշած է, որ 1969 թ. ինք մասնակցած է Լաս-Վեկասի մէջ Գըրգորեանին պատկանող միջազգային հիւրանոցի բացման:

«Իսկ յետոյ` 1993 թ. նախօրէին, ես կրկին այնտեղ վերադարձայ հիասքանչ MGM Grand Hotel-ի բացման»,-  կը նշէ ան:

Երգչուհիին խօսքով` այդ շրջանին իր հիմնադրամին մէջ Գըրգորեանի առատաձեռն ներդրման շնորհիւ յաջողած է աջակցելու մարդոց ՁԻԱՀ-ի դէմ, կանանց եւ երեխաներու իրաւունքներու, շրջակայ միջավայրի պահպանութեան համար պայքարին:

«Յետոյ` 2013 թ., ան դարձեալ  միացաւ ինծի կանանց մօտ սրտային հիւանդութիւններու տարածման դէմ պայքարին: Ան իւրայատուկ, եզակի եւ շատ առանձնայատուկ մարդ էր, եւ ես միշտ անոր շնորհակալ կ’ըլլամ»,- գրած է Սթրէյզանտ:

Հայաստանի ազգային հերոս Գըրգ Գըրգորեան մահացած է 2015 թ. Յունիս 16-ի գիշերը 98 տարեկանին:

Scroll Up