Բակօ Սահակեան Չաթըմ Հաուսի մէջ հանդէս եկած է ելոյթով

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Յուլիս 8-ին այցելած է Միջազգային յարաբերութիւններու թագաւորական ինստիտուտ (Չաթըմ Հաուս) եւ հանդէս եկած այնտեղ ելոյթով:

ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան  փոխանցմամբ` երկրի ղեկավարը անդրադարձած է Արցախի պետականաշինութեան, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն, պատասխանած բարձրացուած հարցերուն:

Իր ելոյթին մէջ Նախագահ Սահակեան նշած է, որ Արցախին հոգեհարազատ է Չաթըմ Հաուսի կարգախօսը` «Օգնել` կառուցելու անվտանգ, բարեկեցիկ եւ արդար աշխարհ», աւելցնելով, որ այս գաղափարները առկայ են նաեւ մեր աշխարհընկալման մէջ: Նախագահի խօսքով` նման հանդիպումներ օգտակար են թէ Արցախի, թէ տարբեր պետութիւններու եւ միջազգային կառոյցներու համար:

Հանդիպման ներկայ էին օտարերկրեայ դիւանագէտներ, գիտնականներ եւ վերլուծաբաններ:

Scroll Up