Հայ երաժիշտները մեծ յաջողութիւններու հասած են Ֆրանսայի մէջ

Ֆրանսաբնակ մեցցօ-սոփրանօ Մարիամ Սարգսեանի եւ դաշնակահար Արթուր Աւանեսովի «Հեռաւոր երիտասարդութիւն» ձայնասկաւառակը Քնարական ձայնասկաւառակներու ֆրանսական ակադեմիոյ կողմէ «Ոսկէ օրփէոս» մրցանակին արժանացած է: Ակադեմիան այս տարի «Ոսկէ օրփէոս» շնորհած է 31 ձայնասկաւառակի: Այս մասին կը տեղեկանանք Cultural.am կայքէն:
Կայքին հետ զրոյցին Արթուր Աւանեսով նշած է, որ Մարիամ Սարգսեանի ձայնասկաւառակը այս մրցանակին արժանացած է «Երիտասարդ խոստումնալից կատարող» անուանակարգին մէջ:
«Հեռաւոր երիտասարդութիւն» ձայնասկաւառակին մէջ ընդգրկուած են Շափորինի եւ Սուիրիտովի ստեղծագործութիւնները, որոնք գրուած են Ալեքսանտր Պլոկի բառերով: Երգերու մեծ մասը ձայնագրուած է առաջին անգամ:
«Ոսկէ օրփէոսի» արժանացած է Աւանեսովի մէկ այլ աշխատանք եւս. ֆրանսացի սոփրանօ Ֆանի Գրուէի հետ համատեղ ձայնասկաւառակը լաւագոյն նախագիծ ճանչցուած է: Ձայնասկաւառակին մէջ ֆրանսացի երգահան Լէօ Տելիպի ստեղծագործութիւններն են: