ՀՀ սփիւռքի նախարարը ընդունեց Տէր Արիս արքեպիսկոպոս Շիրվանեանը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/07/ccc.jpg)
Յուլիս 7-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան պատրիարքական տեղապահ բարձրաշնորհ Տէր Արիս արքեպիսկոպոս Շիրվանեանը:
Ողջունելով հիւրը` ՀՀ սփիւռքի նախարարը կարեւոր համարեց Արիս սրբազանի` ամառնային արձակուրդը Հայաստանի մէջ իրականացնելու մտադրութիւնը եւ առաջարկեց այդ ընթացքին մասնակցիլ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուող ձեռնարկներուն:
Շնորհակալութեամբ ընդունելով նախարարի առաջարկը` Արիս սրբազանը ցանկութիւն յայտնեց մասնակցելու «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրները» համաժողովին, ինչպէս նաեւ ապահովել Երուսաղէմի մասնագէտներու ներկայութիւնը:
Անդրադարձ կատարուեցաւ Թարգմանչաց եւ Ժառանգաւորաց դպրոցներուն մէջ ուսուցման կազմակերպման խնդիրներուն, նախարարութեան ծրագիրներուն մասնակցող մանկավարժներու ընտրութեան եւ յարակից այլ հարցերու:
Սրբազանը նախարարին տեղեկացուց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն Պատրիարքարանի, Հայ համայնքի եւ Հայ դատի գրասենեակի աշխոյժ մասնակցութեան եւ համագործակցութեան մասին:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան առաջարկեց օրակարգային հարց դարձնել Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքի թանգարանին մէջ գտնուող աւելի քան 4000 ձեռագիրներու եւ հնատիպ գիրքերու թուայնացման հարցը` յետագայ վտանգներէն խուսափելու նպատակով:
Քննարկեցին հայապահպանութեան ուղղուած շարք մը այլ հարցեր: