«Երեւանեան» զբօսայգի` ԼՂՀ Մարտունի քաղաքին մէջ
Երեւանի եւ Ստեփանակերտի միջեւ բարեկամութեան համաձայնագիրի եւ համագործակցութեան ծրագիրի ծիրէն ներս Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի աջակցութեամբ ԼՂՀ Մարտունի քաղաքին մէջ կը կառուցուի նոր զբօսայգի, որ, ի նշան բարեկամութեան, կը կրէ «Երեւանեան» անուանումը: Այս մասին կը տեղեկանանք Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Արաբկիր վարչական շրջանի ղեկավարի աշխատակազմի պատուիրակութեան անդամները մասնագիտական խումբի հետ Մարտունիի քաղաքապետի ուղեկցութեամբ այցելած են կառուցուող զբօսայգիի շինարարական հրապարակը, ծանօթացած աշխատանքներու ընթացքին:
Նշենք, որ «Երեւանեան» զբօսայգիի հանդիսաւոր բացումը կը նախատեսուի Օգոստոս 17-ին` Մարտունի քաղաքի օրուան տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ: