Սփիւռքը խորհրդանշող համահայկական խաղերու ջահը Եգիպտոսի մէջ է

Սփիւոքի ամենահին ու աւանդոյթներով հարուստ այս գաղթօճախը  միշտ առանձնացած է իր համախմբուածութեամբ ու հաւաքան ուժով: Այն այս անգամ ալ  չխախտեց աւանդոյթն ու այս անգամ ալ համախմբուեցաւ միասնականութեան գաղափարի  շուրջ: Համահայկական ամառնային վեցերորդ խաղերու սփիւռքեան ջահը,  շրջելով Միջին Արեւելքը, հասաւ Գահիրէ: Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ Եգիպտոսի իր աղբիւրներէն:

 Միջին Արեւելքի հնագոյն մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ ջահը դիմաւորեցին Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան  Արմէն Մելքոնեան, Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի գլխաւոր քարտուղար Բագրատ Պուռնազեան, գործադիր կոմիտէի  անդամներ Պերճ Հալաճեան, Վարդ Ալեքսանեան,  հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, տեղի աւանդական կուսակցութիւններու  եւ հասարակական ու բարեգործական կազմակերպութիւններու ներկայացիչներ:

   Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ  պատարագ մատուցուեցաւ, իսկ  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա Կաթողիկոսի օրհնութեան խօսքը փոխանցուեցաւ եգիպտահայերուն:

Դեսպան Արմէն Մելքոնեան Համահայկական խաղերը համարեց համայն հայութեան միասնականութեան խորհրդանիշը, որ եւս մէկ անգամ  աշխարհին ցոյց տալու լաւագոյն  միջոցն է: «Համահայկական խաղերն ուղերձ են յատկապէս ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումների շրջանակում ներկայանալու որպէս պահանջատէր, ցոյց տալու հայի յաղթող տեսակը»,- ըսաւ Արմէն Մելքոնեան:
Դեռեւս  Ֆաթիմեան Խալիֆայութեան ժամանակաշրջանէն  ու երկու Ոսկեդար  ապրած  եգիպտահայ համայնքը, մինչեւ այսօր ալ իր կարեւոր դերն ու նշանակութիւնը ունի Եգիպտոսի կեանքին մէջ:

 Օտար ափերու վրայ մէկ դար ապրած հայութիւնը միշտ իր գերխնդիրը համարած է  մէկ Հայրենիք ունենալու գաղափարը:  Համահայկական խաղերու ստեղծման  առաջին օրերէն  խաղերու իրականացման եւ կազմակերպման  գործին մէջ կարեւոր ներդրում ունեցած  Պերճ Հալաճեանի խօսքով,  Համահայկական խաղերը միշտ  հայ երիտասարդներուն Հայրենիք բերելու, Հայաստան-Սփիւռք կապերը ամրապնդելու լաւագոյն տարբերակներէն են, մարզանքը այստեղ պարզապէս միջոց է:

«Մենք այս ձեռնարկով եւս մէկ անգամ մեր ձայնը լսելի դարձուցինք աշխարհին` ապացուցելով, որ մենք աշխարհի որ անկիւնն ալ ըլլանք`  միեւնոյնն է միասնական ենք եւ կրնանք պայքարիլ մեր արդար դատին համար»,- ըսաւ Պերճ Հալաճեան:

Սփիւռքը խորհրդանշող ջահը, անցնելով Նեղոսը, հասաւ  յաւերժութեան հետ մրցակցութեան մէջ մտած եգիպտական բուրգեր `  իր հետ Հայաստան բերելով  յաւերժի գաղափարը:

e3e4e5e6

Scroll Up