Իտալական պարբերականը ցոյց տուած է Թուրքիոյ արդարացումներու անհեթեթութիւնը

Թուրքիոյ արդարացումները, թէ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ զոհուած է միայն 200 հազար հայ, լիովին անհիմն են: Այդ մասին կը տեղեկացնէ News.am կայքը` յղում տալով իտալական «Il Giornale d’Italia» պարբերականին:

Յօդուածին մէջ կ’ըսուի.

«Այսօրուան Թուրքիան ժխտման ուղին  ընտրած է: Ի հարկէ, այսօրուան պետութիւնը չի կրնար պատասխանատուութիւն կրել անցեալի մէջ կատարուածին համար: Բայց Թուրքիան կը յայտարարէ, թէ իրականութեան մէջ զոհուած է 200 հազար մարդ: Կարծես` այդ ձեւով յանցագործութիւնը աւելի պակաս սարսափելի կը դառնայ:

Իրականութեան մէջ հայ ժողովուրդին հալածած են հեռաւոր 301 թուականէն, երբ ան դարձաւ քրիստոնէութիւն ընդունած առաջին ազգը:

Ցեղասպանութեան մեկնարկէն ամիսներ առաջ «Իթթիհատ» կոմիտէի գաղտնի հանդիպման ատոր գործադիր քարտուղար Նազիմը կ’ըսէր. «Այլ յարմար ժամանակ կրնար այլեւս չըլլար ողջ հայկական բնակչութիւնը ոչնչացնելու համար: Այս պահուն խոշոր տէրութիւններու միջամտութիւնը քիչ հաւանական կը համարեմ»

Ատիկա ոչնչացում էր բառին բուն իմաստով, եւ ատոր վկայութիւնները բազմաթիւ են: Առանձնակի գազանութեամբ հաշուեյարդար կը տեսնէին հոգեւորականներու հետ: Վանի կուսակալ եւ պաշտպանութեան նախարար Էնուէրի զարմիկ Ճեւտէթ բէյը պայտեր կը մեխէր անոնց ոտքերուն»,- կը գրէ պատմաբան Ալպերթօ Ռոսսելին: Գազանութիւնները այնտեղ  հասած էին, որ անգամ պատերազմի ժամանակ իրենց խստութեամբ յայտնի գերմանացիները պահանջեցին վերջ դնել «անիմաստ դաժանութեան»: Բայց օսմանցիները չդադրեցուցին:

Իրադարձութիւններու հանգամանալից պատկերը ներկայացնող Ռոսսելին կը նկատէ, որ որոշ թուրք նահանգապետեր, թէեւ շատ քիչ, սակայն կը հրաժարէին կատարելու Կոնստանդնուպոլսէն եկող հրամանները: 1915թ. Յուլիսին Անգարայի նահանգապետին հանեցին եւ անոր փոխարէն կատաղի զինուորական մը նշանակեցին:

Scroll Up