ԱՄՆ Արեւելեան հայոց թեմի ուխտաւորները Մայր Աթոռին մէջ
Յուլիս 5-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց ԱՄՆ Արեւելեան հայոց թեմի Պոսթոնի տարածաշրջանէն Հայաստան ժամանած 46 ուխտաւորները` ուղեկցութեամբ ԱՄՆ Արեւելեան հայոց թեմի Ուոթերթաուն քաղաքի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ. Առաքէլ քահանայ Ալճալեանի եւ Մինիսոտայի Սուրբ Պօղոս քաղաքի Սուրբ Սահակ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ. Թադէոս քահանայ Բարսեղեանի:
Քահանայ հայրերը, իրենց որդիական շնորհակալութիւնը յայտնելով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ընդունելութեան համար, տեղեկացուցին, որ այս ուխտագնացութիւնը դէպի Մայր Հայրենիք թիւով հինգերորդն է, որուն ծիրէն ներս Սփիւռքի մէջ հանգրուանած հայորդիներուն հնարաւորութիւն կ’ընձեռուի մօտիկէն ծանօթանալու ազգային-նուիրական արժէքներուն եւ ստանալ Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը, ապա խանդավառուած վերադառնալ դէպի իրենց բնակութեան վայրերը:
Հանդիպման Վեհափառ Հայրապետը, իր օրհնութիւնն ու բարձր գնահատանքը փոխանցելով ուխտաւորաբար համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնին մէջ գտնուող հաւատաւոր հայորդիներուն, ընդգծեց, որ իրեն համար շատ հաճելի է տեսնել ուխտաւոր հայորդիներու հոսքը դէպի Հայրենիք ու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին` հաղորդ եւ մասնակից ըլլալու հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութեան: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց նաեւ այն, որ ներկայ գտնուող ուխտաւորներուն հայրենիքի հանդէպ ունեցած սէրն ու ազգային բարձր գիտակցութիւնը առաջնորդած է Մայր Հայաստան:
Այս առիթով Նորին Սրբութիւնը, հայցելով Ամենակալ Աստուծոյ օգնականութիւնը ուխտաւորներուն, մաղթեց, որ երանաւէտ երջանկութեան զգացումը անոնց մշտապէս առաջնորդող ըլլայ, որպէսզի շարունակեն այդ նոյն հայեցի ոգով կրթել ու ամուր հաւատքով դաստիարակել նաեւ մատաղ սերունդի ներկայացուցիչները: