ԱԺ ընդունած է վարկ ստանալու մասին համաձայնագիր

Հայաստանի պաշտպանութեան համակարգի սպառազինութեան աւելացման նպատակով Ռուսաստանի կառավարութեան կողմէ 200 մլն ԱՄՆ տոլար վարկ տրամադրելու մասին համաձայնագիրը Ազգային ժողովը երէկ ընդունեց միաձայն` կողմ 98, դէմ` 1, 0 ձեռնպահ: Դէմ էր միայն «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան անդամ Զարուհի Փոստանջեան:

Համաձայնագիրով, ինչպէս յայտարարած էր Պաշտպանութեան փոխնախարար Արա Նազարեան, Հայաստան Ռուսաստանէն գործարանային գիներով ձեռք պիտի բերէ ժամանակակից զէնք, սպառազինութիւն:

Իսկ Համաձայնագիրով Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ստանձնէ մասնաւորապէս, հետեւեալ պարտաւորութիւնները`
օգտագործել վարկը 2015-2017թթ. ընթացքին` ռուսական ռուպլով հաշուարկուած արտադրանքի մատակարարման վերաբերեալ պայմանագիրներէն իւրաքանչիւրի արժէքի 90 տոկոսի ֆինանսաւորման համար, վարկի օգտագործման ժամկէտը լրանալուն 30 օրացուցային օրուան ընթացքին ռուսական կողմի օգտին իրականացնել ռուսական ռուպլով քոմիսիոն վճարում` վարկի չօգտագործուած գումարի 1 տոկոսի չափով:

Նոյն համաձայնագիրով, 2018 թ. Փետրուար 15 -էն` 10 տարուան ընթացքին, հաւասարաչափ կիսամեակային վճարումներով` իւրաքանչիւր տարուան Փետրուար 15-ին եւ Օգոստոս 15-ին, մարել վարկի փաստացի օգտագործուած գումարը: Վարկի իւրաքանչիւր գումարի օգտագործման ամսաթիւէն մինչեւ հիմնական պարտքի մարման վերջնական ամսաթիւը` իւրաքանչիւր տարուան Փետրուար 15-ին եւ Օգոստոս 15-ին կատարել տոկոսներու վճարում `տարեկան 3 տոկոս տոկոսադրոյքով:

Scroll Up