Թուրքիոյ մէջ աւելի քան 2 մլն մարդ անգրագէտ է

Թուրքիոյ վիճակագրական ծառայութիւնը հրապարակած է երկրի բնակչութեան
կրթութեան մակարդակի վերաբերեալ 2014 թուականի տուեալները:  Պարզուած է, որ
Թուրքիոյ 6 եւ աւելի տարեկան բնակիչներու 3.87 տոկոսը (2.66  միլիոն)
գրել-կարդալ չի գիտեր:

Թրքական «Bugün» թերթի տեղեկացմամբ` կը գրէ ermenihaber.am-ը, 15
տարեկան եւ բարձր տարիքային խումբի քաղաքացիներու մօտ  նախնական
կրթութիւն ունի 25.81 տոկոսը, տարրական կրթութիւն ստացած է 18.45
տոկոսը, միջնակարգ կամ ատոր համարժէք կրթութիւն  ստացած 8.64 տոկոսը,
աւագ դպրոց կամ համարժէք հաստատութեան շրջանաւարտ  դարձած է 21,92 տոկոսը,
համալսարանաւարտ է 12.95 տոկոսը, մագիստրոսական կրթութիւն ունի 1.01
տոկոսը, գիտական աստիճան` 0.28:

Թուրքիոյ «ամենագրագէտ» նահանգներուն մէջ առաջինը Անթալիան է, 2-րդը`
Իզմիրը, 3-րդը` Թեքիրտաղը: «Ոչ գրագէտ» նահանգներու մէջ առաջինը Սիիրթն է
(պատմ. Սղերթ), 2-րդը` Մարտինը, ապա` Շանլըուրֆան (Եդեսիա):

Scroll Up