Թրքական թերթ. «Իսլամական պետութիւն»-ը սպաննած է Քոպանիի վերջին հայը»
Իսլամական Պետութիւն (ԻՊ- İŞİD) ահաբեկչական խմբաւորումը սպաննած է Սուրիոյ քրտական Քոպանի քաղաքի վերջին հայ բնակիչը: Այս մասին ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ` կը յայտնէ թրքական «Radikal» պարբերականը:
Քոպանիի նախկին հայ բնակիչ, սպաննուած Յակոբ Թոմասեանի եղբայրը կը պատմէ. «1915թ. հազարաւոր հայեր գաղթած են Քոպանի: Մեծհայրս կը պատմէր, որ գաղթի ճանապարհին հարիւրաւոր հայեր սպաննուած են: Մեծ դժուարութիւններու մէջէն անցնելով փրկուած ու այստեղ ապաստանած հայերը ժամանակի ընթացքին Քոպանիէն գաղթած են Լիբանան, Հալէպ, Հայաստան, Ամերիկա եւ Եւրոպա: Ի վերջոյ, Քոպանիի մէջ միայն 8 հայ ընտանիք մնացած էր: Մենք այնտեղ երկու եկեղեցի ունէինք, իսլամներու հետ ալ որեւէ խնդիր չունէինք մինչեւ ԻՊ-ի յարձակումը»:
Յակոբ կը պատմէ, որ ԻՊ-ի յարձակումէն յետոյ հայկական 8 ընտանիքներէն մէկը ապաստանած է Ուրֆա, մէկը` Հաթա, մէկը` Հալէպ, անձնագիր ունեցող երկու ընտանիք Հայաստան տեղափոխուած է, իսկ միւս երեք ընտանիքները ապաստանած են թուրք-սուրիական սահմանին գտնուող Սուրուչ գաւառին մէջ Թուրքիոյ աղէտի եւ արտակարգ իրավիճակներու վարչութեան կառուցած գաղթականներու վրանային ճամբարին մէջ:
ԻՊ-ի կազմակերպած վերջին յարձակումէն առաջ Յակոբի եղբայրը ցանկացած է ընտանիքով վերադառնալ Քոպանի, ատոր համար 14-ամեայ որդիին հետ նախ մեկնած է` տունն ու աշխատանքը կարգաւորելու, բայց ընդամէնը մէկ շաբաթ անց սպաննուած է: Հօր մահը սեփական աչքերով տեսած 14-ամեայ Արամը կը պատմէ, որ հրազէնային վնասուածք ստացած ու արիւնահոսող հայրը, այնուամենայնիւ, ուժ գտած է` զգուշացնելու որդիին, որպէսզի փախի: Սպաննուածը չորս երեխաներու հայր էր: Ընտանիքը երթալու տեղ չունի, քանի որ Քոպանին այլեւս իր հայրենիքը չի համարեր: Ընտանիքի անդամները անձնագիրներ չունին, որպէսզի կարենան Հայաստան մեկնիլ: Անոնք այժմ կը գտնուին Սուրուչի ճամբարին մէջ: