Եթէ Հայերու Հետ Ազգակցական Կապ Ունենայի Պիտի Հպարտանայի. Մեհմետ Ալի Ասլան

Թուրքիոյ պատգամաւորներու երդման ժամանակ՝ երդման գրութիւնը փոխած քիւրտ պատգամաւոր Մեհմետ Ալի Ասլան պարզաբանած է իր «հայ» ըլլալու մասին պնդումները:

Վկայակոչելով թրքական SkyTv կայքը՝ Artsakhpress.am կը հաղորդէ, թէ քրտական «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» (HDP) կուսակցութեան կողմէն պատգամաւոր ընտրուած Մեհմետ Ալի Ասլան յայտարարած է, որ երբ երդման ժամանակ թուրք ազգ ըսելու փոխարէն ըսած է Թուրքիոյ ազգեր, իրեն ըսած են հայու թոռնիկ: Ան շեշտած է, թէ այդ խօսքերով փորձած են հայերը նուաստացնել, փորձած են զինք նուաստացնել:

«Ես հայերու հետ ազգակցական կապ չունիմ: Եթէ հայերու հետ ազգակցական կապ ունենայի, պիտի հպարտանայի ատով»,- ըսած է Մեհմետ Ալի Ասլան:

Scroll Up