Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան

Երեքշաբթի, 30 Յունիս 2015-ին, Անթիլիասի մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեանին: Այս մասին կը հաղորդէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը։

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան առնչուած հարցեր եւ վերջին շրջանին Հայաստանի մէջ տիրող կացութիւնը:

Scroll Up