Բացուած է «Հայաստանը եւ հայերը Առաջին համաշխարհային պատերազմին» վիրթուալ թանգարանը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու եւ Ֆրանսայի դեսպանութեան «Ռոտոնդեան հանդիպումներու» ծիրէն ներս, Յունիս 29-ին Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան մէջ տեղի  ունեցած է «Հայաստանը եւ հայերը Առաջին համաշխարհային պատերազմին» վիրթուալ թանգարանի պաշտօնական ներկայացումը: Մասնաւորապէս ներկայացուած են  Ցեղասպանութեան նուիրուած ցուցասրահները, կը գրէ News.am-ը:

Թանգարանը, որուն ստեղծման գաղափարը յառաջացած է 2014 թուականին` Առաջին համաշխարհային պատերազմի հարիւրամեակի առիթով եւ 2015 թուականին հարստացուած Ցեղասպանութեան մասին փաստաթուղթերով, արդիւնքն է Հայաստանի Ազգային արխիւի եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան Արխիւի գործընկերութեան:

Վիրթուալ թանգարանը նպատակ ունի ինչպէս հանրութեան լայն շրջանակներուն` Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ, այնպէս ալ գիտնականներուն առաւել հանգամանօրէն ծանօթացնել Առաջին համաշխարհային պատերազմին Հայաստանի տեղի, պատմական, դիւանագիտական երեւոյթներու, Ցեղասպանութեան հետեւանքով մարդկային ողբերգութեան մասին, ինչպէս նաեւ այն մասին, թէ ինչպէս Հայաստան կրցաւ դիմակայել, ոտքի կանգնիլ եւ այս անասելի փորձութիւնը դարձնել ուժ` իր ապագան կերտելու համար:

Վիրթուալ թանգարանը ունի 4 գործող ցուցասրահ.

«Ֆրանսան եւ Հայաստանը» սրահը, որ կը ներկայացնէ ֆրանս-հայկական յարաբերութիւններու ընդհանուր համայնապատկերը,

«Կովկասի մուտքը պատերազմ» սրահը, որ կը ներկայացնէ հայկական հարցը միջազգային եւ ռազմական գործողութիւններու հիմքին վրայ,

«Հայ ռազմիկները բոլոր ճակատներու մէջ» Կովկասի, Ֆրանսայի, Արեւելքի եւ Կիլիկիոյ մէջ,

«Ցեղասպանութիւնը` յանցանք մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ», ուր ներկայացուած է պատմական շրջանակները, վկայութիւններ ջարդերու մասին, հզօր տէրութիւններու արձագանքը, տուժածներուն ցուցաբերուած օգնութիւնը:

Համալրուելով նորանոր բացայայտումներով, այս ցուցասրահները կը ներառեն Հայաստանի եւ Ֆրանսայի արխիւներէն ստացուած փաստաթուղթերու, նիւթերու, լուսանկարներու, ֆիլմերու  ընդարձակ շտեմարան մը` տարբեր լեզուներով:

Միւս երկու ցուցասրահները աստիճանաբար կը համալրուին, հնարաւորութիւն տալով թանգարանին ներկայացնել նաեւ նոր պատմութիւնը:

Ցուցասրահներուն մէջ զետեղուած մեկնաբանութիւնները շուտով կը թարգմանուին հայերէն եւ անգլերէն: Ներկայացուած փաստաթուղթերու հիման վրայ, ըստ ցանկութեան կ’առաջարկուին թուային ցուցահանդէսներ միութիւններու, դպրոցներու համար:

Scroll Up