«Արի տուն» ճամբարին մէջ վառեցաւ առաջին խարոյկը
Յունիս 26-ին Ծաղկաձորի «Արի տուն» ճամբարին մէջ կայացաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագիրի 2015թ. առաջին փուլի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն կը մասնակցէին նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան եւ Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Գագիկ Գեանջումեան:
Ողջունելով մասնակիցները` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան մասնաւորապէս նշեց .«Սիրելի՛ երիտասարդներ, յուսով եմ, որ անմոռանալի օրեր ունեցաք Հայաստանում` առաւել լաւ ճանաչելով Ձեր Հայրենիքը, կապուելով նրա բազմադարեան մշակոյթին եւ պատմութեանը: Ցանկանում եմ, որ այսուհետ ձեր կապը Հայրենիքի հետ լինի աւելի ամուր»:
Ֆ. Զաքարեան շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակիցներու ծնողներուն եւ հիւրընկալ ընտանիքներուն վստահութեան եւ համագործակցութեան համար:
Մասնակիցները ներկայացուցին ծրագիրի ծիրէն ներս սորված ազգային երգերն ու պարերը, ներկաներուն պատմեցին Հայրենիքի մէջ ունեցած անմոռանալի տպաւորութիւններուն մասին: Երեխաներուն հաճելի անակնկալ մատուցեց 2013 թուականի «Արի տուն» ծրագիրի մասնակից, «Հայաստանի ձայնը» նախագիծի յաղթող, երգչուհի Աննա Խանչալեան:
Մասնակիցները 9 օրուան ընթացքին ծանօթացան Հայաստանի պատմամշակութային վայրերուն, ունեցան բազմաթիւ հանդիպումներ պետական, հասարակական եւ մշակութային գործիչներու հետ, ստացան հայրենագիտութեան անմոռանալի դասեր: Ծրագիրի վերջին 5 օրերը մասնակիցները անցուցին ծաղկաձորեան ճամբարին մէջ:
«Արի տուն» ծրագիրի առաջին փուլը աւարտեց հրաժեշտի աւանդական խարոյկով:
Յիշեցնենք, որ «Արի տուն» ծրագիրի առաջին փուլին կը մասնակցէին շուրջ 58 պատանիներ եւ աղջիկներ 4 տարբեր երկիրներէ: Այս փուլին ընդգրկուած էին 38 սուրիահայ երեխայ: