Արի տուն-2015. Կը պատմեն արիտունցիները…

Կը շարունակուի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագիրը:  Հայրենիքի մէջ անցուցած օրերուն մասին տպաւորութիւնները պատանիներն ու աղջիկները կիսած են «Հայերն այսօրի» հետ:

Նարեկ  Արպճեան – Շատ սիրեցի  «Արի տուն»  ծրագիրը:  Տարբեր վայրեր շրջելու գացինք, նոյնիսկ վայրեր կային, ուր ընդհանրապէս չէի գացած: Աչքիս ամէն ինչ գեղեցիկ կը թուի Հայաստանի մէջ: Յուսամ, որ ճամբարային օրերը լաւ կ’անցնին` յագեցած առօրեայով:  Անկեղծ շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մեզի Հայաստանի մէջ շրջագայելու հնարաւորութիւն ընձեռելու համար:

Շիրազ Սուլթանեան – «Արի տուն»  ծրագիրին մասնակցելով` կրցայ աւելի շատ բացայայտել  երկիրս: Յատկապէս ուրախացայ հայոց լեզուի դասընթացներուն մասնակցելուս: Դասաժամերուն տարբեր թեմաներ կ’ուսումնասիրենք, որմէ շատ կ’ոգեւորուիմ: Հիմա արդէն հայերէնի գիտելքներս աւելցուցի, որուն համար երախտապարտ եմ մեր ուսուցչուհիին:

Փիեր Սուլթանեան – Մեծ հնարաւորութիւն տրուեցաւ ինծի ճանչնալու, թէ  Հայրենիքս ինչ անցեալ ունեցած է: Ժամանակս «Արի տուն»  ծրագիրէն ներս հիանալի կ’անցնի, ընկերներուս հետ ճանապարհին տարբեր թեմաներու շուրջ կը զրուցենք, կարծիքներ կը փոխանակենք: «Արի տուն»  ծրագիրէն ստացած գիտելիքներս պիտի փոխանցեմ  յաջորդ սերունդներուն:

Դաւիթ Տէր-Վարդանեան – Ես անչափ հպարտ եմ, որ եկած եմ Հայաստան եւ կը մասնակցիմ «Արի տուն»  ծրագիրին: Այնքան տպաւորուած եմ իմ անուշ Հայաստանով եւ հայոց լեզուով, որ դեռ երկար ժամանակ յիշողութեանս մէջ պիտի  պահեմ ծրագիրէն ներս անցուցած օրերս:

Մերի Չարշաֆճեան – ճանչցայ Հայրենիքս, գացի իմ երազած եկեղեցիները, տեսայ գեղեցիկ վայրերն ու հայկական բնութիւնը: Սակայն ամէնէն շատ սիրեցի զօրամաս երթալու օրը, երբ ծանօթացայ մեր զինուոր-տղաներուն: Անոնց շնորհիւ է, որ այսօր հանգիստ կը քնանանք ու խաղաղ երկնքի տակ կ’ապրինք:

Աւօ Արոյեան – «Արի տուն» ծրագիրին մասնակցելով` ծանօթացայ Հայաստանի հարստութիւններուն` տեսարժան վայրերուն, սրբատեղիներուն, պատմամշակութային յուշարձաններուն, խաչքարերուն, այցելեցի թանգարաններ: Ինքզինքիս խօսք  տուած եմ`  երբեք չմոռնալ Հայրենիքիս հարստութիւնները:

 

Պատրաստեց Գէորգ Չիչեան

 

Scroll Up