Հայկական մշակոյթի երեկոներ Վոլկայի ափին

ՌԴ մէջ գործող Աստրախանի «Երիտասարդներու հարցերով զբաղող գործակալութիւնը» կ’աջակցի երիտասարդ տաղանդներու զարգացման: Եւ այդ զարգացման ուղղութիւններէն մէկն ալ ազգամիջեան յարաբերութիւններու կարգաւորումն ու համախմբումն է: Այդ ծրագիրի ծիրէն ներս գործակալութիւնը կը կազմակերպէ «Վոլժեւեան ներկապնակ» (Волжская палитра) ձեռնարկներու շարքը, ուր տարբեր ազգերու ներկայացուցիչներ կրնան ներկայացնել իրենց մշակոյթի գեղեցկութիւնը:
Աստրախանեան շոգ կիրակիները աւելի գեղեցկացնելու եւ հաճելի դարձնելու համար` գործակալութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ տարբեր ազգային մշակութային կեդրոննորուն ներկայացնել իրենց արուեստը:
Անցած կիրակի աստրախաբնակ հայերուն եւ միւս ազգերու ներկայացուցիչներուն տեղի հայ համայնքը հաճելիօրէն զարմացուց ոչ միայն տեղաբնակ տաղանդաւոր հայ երգիչներու ու պարողներու կատարմամբ․ համերգի ընթացքին Վոլկայի ափին զբօսնող քաղաքացիներն ու քաղաքի հիւրերը հնարաւորութիւն ունեցան վայելելու աստրախանաբնակ նկարչուհիներ Կարինէ Բաբայեանի եւ Կարինէ Այդինեանի գունեղ կտաւներու հմայքը: Համերգի աւարտին տեղուոյն վրայ գործող «Արաքս» եւ «Արեւ» պարի խումբերը իրենց ղեկավարներուն հետ միասին պարի հրաւիրեցին ներկաները:
Ուրախ երեկոն աւարտեց կէսգիշերին:
Լուսինէ Սարգսեան,
Աստրախան