Աշոտ Քոչարեան Այցելեց Տարուիշ Եպիսկոպոսին

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան այցելեց Զահլէի եւ Պեքաայի յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Իսամ Եուհաննա Տարուիշ եպիսկոպոսին` ընկերակցութեամբ Զահլէի գործարարներէն Նիքոլա Ապու Ֆայսալի: Այս մասին կը յայտնէ «Ազդակ»-ը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ վերջին տարիներուն ընթացքին անոնց ամրապնդումը:

Դեսպան Քոչարեան դրուատեց Հայաստանի մէջ կատարուած լիբանանեան ներդրումները, յատկապէս Նիքոլա Ապու Ֆայսալի յաջողեցուցած ներդրումային ծրագիրները, որոնց լոյսին տակ Տարուիշ եպիսկոպոսը վերջերս այցելած էր Հայաստան:

Իր կարգին, Տարուիշ եպիսկոպոսը ողջունեց դեսպան Քոչարեանը եւ ուրախութիւն յայտնեց Հայաստան կատարած իր այցելութեան եւ անոր բարի ժողովուրդին ծանօթանալուն համար:

Տարուիշ եպիսկոպոս կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն ներդրումներ կատարելու Հայաստանի մէջ եւ ամրապնդելու լիբանանեան-հայաստանեան յարաբերութիւնները:

Scroll Up