Թուրք պատմաբանը հեծանիւով Վանէն Երեւան կ’ուղեւորուի
Սթամպուլի Պողազիչի համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի ուսանող Մուսթաֆա Իշչիլեր որոշած է պատմագիտական ուսումնասիրութիւններու նպատակով Վանէն հեծանիւով ուղեւորուի Երեւան: Ըստ ermenihaber-ի` թրքական «Birgun» լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ Իշչիլեր կը ցանկայ գրի առնել այդ շրջաններուն մէջ ապրող մարդոց յիշողութիւններն ու պատմութիւնները:
Մուսթաֆա Իշչիլեր տեսողական խնդիրներ ունի, բայց որոշած է ամէն գինով յաղթահարել դժուարութիւնները եւ կատարել իր որոշումը: Հասարակական աշխուժութեամբ աչքի ինկած ուսանողը ժամանակին Սթամպուլի մէջ գիշերները հեծանիւով ուտելիք բաժնած է Սթամպուլի փողոցներուն վրայ դեգերող անտուններուն: Այժմ ան նպատակ ունի մագիստրոսի աւարտական աշխատանքին համար իսլամացուած հայերու, ցեղասպանութեան եւ եզտիներու վերաբերեալ դաշտային ուսումնասիրութիւններ կատարել:
Անոր ճանապարհորդութիւնը կը սկսի Օգոստոս 12-ին եւ կը տեւէ 3 շաբաթ: Երթուղիին մէջ ներառուած է Աղթամար կղզին, հին հայկական գիւղերը, Արարատը, Պայազետը, Իգտիրը, Թուզլաճան, Արալըքը, Ահորան, Կարսը, Տիգորը, Օճաքլըն, Անին, Մորի եկեղեցին, այնուհետեւ Վրաստան եւ Հայաստան:
Իշչիլերի «birgun» լրատուական կայքին յայտնած է, որ ստացած է Պողազիչի համալսարանի տնօրէնի եւ դասախօսներու աջակցութիւնը: Ան նշած է, որ ճանապարհորդութեան ընթացքին մինակ չըլլար: «Այս բնագաւառին մէջ ուսումնասիրութիւններ իրականացնող մարդոց հետ միասին պիտի ըլլամ»: Սթամպուլէն 6 հոգինոց խումբի մը հետ ճանապարհ կ’իյնանք» «Տիարպեքիրի մէջ մեզի պիտի միանայ հայերու 6 հոգինոց խումբ մը»,- յայտնած է Իշչիլերը` նշելով, որ ամէն գիւղի մէջ պիտի գրանցեն մարդոց յիշողութիւնները, պատմութիւնները:
Ան յայտնած է, որ ուղեւորութեան ընթացքին նաեւ փաստագրական ֆիլմ պիտի նկարահանուի: