Տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի «Ճանպազեան» պարի ակադեմիոյ 75-ամեայ յոբելեանին նուիրուած ձեռնարկը

Յունիս 19-ին, ժ.19:00-ին Հայաստանի ազգային պարարուեստի միութեան նախաձեռնութեամբ եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ Գ.Սունդուկեանի անուան ակադեմական թատրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի «Ճանպազեան» պարի ակադեմիոյ 75-ամեայ յոբելեանին նուիրուած ձեռնարկը:
Առաջին անգամ կը ներկայացուին ժամանակակից բալետային արուեստի երկու իւրօրինակ ստեղծագործութիւններ` «Հոգու գոհար» եւ «Քարահունջ» խորագիրներով:
Ակադեմիոյ պարուսոյց եւ գեղարուեստական ղեկավար Աննա Ճանպազեան բեմադրած է աւելի քան 150 գործ, ներառեալ` «Կոմիտաս-աքսորուած եւ մոռացուած, «Ռումի, ուղին լուսաւորութեան», «Բարի գալուստ, Պարսկաստա՛ն», «Գալ եւ Ռուդաբեմ», «Հոգու Գոհար» եւ այլ գործեր:
Ակադեմիան մասնակցած է շարք մը փառատօններու, շրջագայած եւ ելոյթներով հանդէս եկած է աշխարհի տարբեր երկիրներու մեծ ու փոքր բեմերու վրայ: