Յայտնի են Թիֆլիսի մէջ զոհուած հայ 3 քաղաքացիներու անունները

Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան ճշտուած տուեալներով Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած ջրհեղեղի հետեւանքով զոհուած են Վրաստանի քաղաքացի հանդիսացող երեք հայեր` Ժաննա Եղիազարովան, Սուետլանա Եղիազարովան եւ Լիանա Եղիազարովան:

Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան ֆէյսպուքեան էջը:

 

Scroll Up