Երկու Հայ Մահացած Է Թիֆլիսի Ջրհեղեղին Հետեւանքով

Երէկ ուշ երեկոյեան յայտարարուած է Թիֆլիսի աւերիչ ջրհեղեղի զոհերուն պաշտօնական թիւը` 14 մարդ, որոնց շարքին երկու հայ կին կայ` Եղիազարովա քոյրերը, 15-20-ն ալ կը համարուին անհետ կորսուած:
Այս մասին Tert.am-ին յայտնած Վրաստանի նախկին նախագահի նախկին ազգային հարցերով խորհրդական Վան Պայպուտը:
«Այսօր ժամը 11-ին Սուրբ Էջմիածնին կից գործող «Հայարտան» մէջ պէտք է հաւաքուին հայեր, որպէսզի որպէս կամաւորներ գան փրկարարներուն օգնելու»,- աւելացուցած է Վան Պայպուրտը:Անոր տեղեկացումով` Վրաստանի մէջ սուգ յայտարարուած է, բայց ոչ աշխատանքային օր` միայն Թիֆլիսի մէջ, որպէսզի կամաւորները փրկարարներուն օգնելու հնարաւորութիւն ունենան:
Ան տեղեկացուցած է, որ երէկ կէսգիշերին ելոյթ ունեցած է Թիֆլիսի կենդանաբանական այգիի տնօրէնը եւ յայտնած, որ ջրհեղեղէն փախած մօտ 80 գազանի, հաւանաբար, ջուրը քշած տարած է, որովհետեւ անոնցմէ շատերուն քնաբեր ներարկումներ կատարուած էին: