Եռագոյնը ծածանեցաւ Գրասնոտարի «Վարդանեան» կեդրոնին մէջ (լուսանկարներ)

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Հարաւային թեմի Երիտասարդական կազմակերպութիւնը հետզհետէ կը կայանայ իր հայրենանուէր գործերով ու ծրագիրներով: ՀՀ պետական եւ եկեղեցական տօներուն, հայրենիքի եւ հայկական աշխարհի առաջնահերթութիւններուն, հայրենիքի հետ կապուած իւրաքանչիւր տարեթիւի` կազմակերպութիւնը կ’արձագանքէ տարաբնոյթ եւ բարեգործական ձեռնարկներով, տօնակատարութիւններով:
Հայաստանի Հանրապետութեան պետական դրօշի օրը նման առիթ մըն էր` համախմբուելու, հայրենի պետութեան խորհրդանիշներու մասին գիտելիքներով հարստանալու եւ սեփական ջահէլութիւնն ու եռանդը անգամ մը եւս համատեղ զգալու:
Եռագոյն շապիկներով պատանիները նախ «Վարդանեան» կեդրոնի հրապարակին վրայ կենդանի դրօշ կառուցեցին, ապա` ծածանեցան իրենց իսկ ձեռքերով պատրաստած մեծ դրօշը, որ գեղեցիկ եւ արագընթաց երթով ամրացուցին կրթամշակութային կեդրոնի երկրորդ յարկի պատշգամին:
Լուսաբանուեցան պետական հիմնի, եւ դրօշի էութիւնը, ստեղծման եւ ընդունման պատմութիւնը, պատմուեցաւ հեղինակներու մասին: Հրապարակով մէկ հնչեցին «Մեր հայրենիք», «Կարմիր, կապոյտ ծիրանագոյն» խրոխտ խմբերգները:
Այնուհետեւ «Արմատ» դպրոցի աշակերտները հանդէս եկան «Կ’ապրենք խաղաղ երկնքի տակ» փոքրիկ ցերեկոյթով, իսկ հայ ժողովրդական երգի-պարի «Նարեկ» համոյթը կատարեց իր յայտնի «Շուրջպար» եւ «Թող ծածանուի եռագոյնը» ակնահաճոյ համարները: Երեխաները հայրենիքէն բերած հողի շուրջ կ’երդուէին հաւատարիմ մնալ հայրենի աւանդներուն, իսկ երիտասարդներու համերաշխ «Քոչարին» կ’երկարէր լայնատարած բակով մէկ…
Թող յաւերժ ծածանի հայոց եռագոյնը` յաղթական գոյներով, եւ ալիքուի հայոց «Քոչարին»` Արարատի լանջերուն:
Երազիկ Յարութիւնեան
Գրասնոտար