Ուորլիքը Պաքուի Մէջ ԼՂ Խնդիրով Քննարկումներ Կ’ունենայ

ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք այսօր` Յունիս 12-ին, Պաքուի մէջ կը մասնակցի Եւրոպական խաղերու բացման արարողութեան եւ քննարկումներ կ’ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով: Այդ մասին ըստ News.am-ի` ան գրած է Twitter-ի մէջ:

“Անհամբեր կը սպասեմ այսօր Պաքուի Եւրոպական խաղերու բացմանը եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հարցով քննարկումներուն”,- գրած է Ուորլիք:

Աւելի վաղ Ուորլիքը նշած էր, որ ժամանակն է վերադառնալու հրադադարի վարչաձեւի պահպանման եւ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորմանն ուղղուած բանակցութիւններուն:

Ուորլիք նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած էր Հայաստանի կատարած իր այցի ժամանակ ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման հարցով կայացած հանդիպումներու համար:

Նշենք, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի երեք համանախագահները կը ժամանեն Պաքու` մասնակցելու Եւրոպական խաղերու բացման:

Scroll Up