Վիրահայերը Թիֆլիսի մէջ կ’իրականացնեն տոլմայի աւանդական փառատօնը

Վիրահայ համայնքը հայկական խոհանոցի առանձնայատկութիւնները ներկայացնելու նպատակով մտադիր է Թիֆլիսի մէջ իրականացնել տոլմայի աւանդական հերթական փառատօնը: Ինչպէս կը յայտնեն Վիրահայոց թեմէն, փառատօնը կը կայանայ Յունիս 28­-ին Թիֆլիսի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցւոյ բակին մէջ:

Կը ներկայացուին հայ տանտիկիններու պատրաստած տոլմայի բազմաթիւ տեսակներ: Ձեռնարկի նախաձեռնողը Վրաստանի հայ կանանց «Շուշանիկ» միութիւնն է` Վիրահայոց թեմի առաջնորդարանի եւ «Հայարտուն» կեդրոնի աջակցութեամբ:

Scroll Up